Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Ա-ն ֆեյսբուքյան իր էջում գրել է․
«Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, 2014-ին, Պոլսոյ կարեւոր հեռատեսիլի մը տնօրէնութենէն նամակ մը ստացայ, ուր կ՚առաջարկուէր հարցազրոյց մը ունենալ ինծի հետ՝ ընկերութեան ներկայ կեանքին հետ աղերս ունեցող խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու շուրջ:
Հարցազրոյցը պիտի վարէր Թուրքիոյ հանրածանօթ լրագրողներէն մէկը եւ պիտի տեւէր ժամ մը եւ պիտի կատարուէր անգլերէն լեզուով ու ուղղակիօրէն պիտի թարգմանուէր թրքերէնի: Մերժեցի ընդառաջել հրաւէրին: Որպէս պատասխան մերժումիս՝ երկրորդ հրաւէր մը ստացայ, ուր կ՚ըսուէր, թէ անվտանգութիւնը ապահովուած է օդակայան ժամանումէն մինչեւ վերադարձ: Այս անգամ հետեւեալ պայմանը դրի.- հարցազրոյցը տեղի կ՚ունենայ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս եւ ուղղակի կը սփռուի: Դրուած պայմաններուն պատասխանը չստացայ, որովհետեւ հեռատեսիլի պատասխանատուները քաջ գիտէին, որ իմ կողմէս վստահաբար պիտի յիշուէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հայ ժողովուրդին պահանջքը Թուրքիայէն:
Յուշագրութեանս մէջ այս դէպքին անդրադառնալէ յետոյ գրած եմ, որ հարկ է արթուն ըլլալ. թուրքը զանազան ձեւերով կը փորձէ մօտենալ մեր ժողովուրդին. բոլոր պայմաններուն մէջ մեր մօտեցումը պէտք է ըլլայ յստակ եւ ուղիղ.- Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերադարձ»: