Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսի ձեռամբ կրթական համակիր է բացվել։ Այդ մասին Iravaban.net-ը տեղեկանում է Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսությունից․
«Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ մայր եկեղեցւոյ մէջ ժողովուրդին ուղղած իր պատգամէն ետք, Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ բացումը կատարուեցաւ եկեղեցւոյ կից գտնուող Մհեր եւ Սադիկ Տէր Օհաննէսեան կրթական համալիրին: Բացման հանդիսութեան Նորին Սրբութեան կողքին կը գտնուէր համալիրի բարերար Մհեր Տէր Օհաննէսեան՝ իր զաւակներով: Ներկայ էին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան ու թեմին ազգային իշխանութեան անդամներ, առաջնորդ սրբազան հայրը եւ հոգեւոր դասը, ազգային բարերարներ, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ու կրթական մշակներ:
Այս առիթով Հայրապետը ըսաւ, թէ «որքան եկեղեցին սրբավայր է մեզի համար, այնքան նաեւ՝ դպրոցը: Սովորական ուսումնարան չէ հայ դպրոցը մեզի համար: Հայ դպրոցին ճամբով մեր զաւակները սոսկ գիտութիւն չեն ստանար, այլ նաեւ կը թրծուին մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով: Այլ խօսքով, հայ դպրոցը հայուն մէջ հա՛յը կ՚ամրացնէ, հայու ինքնութիւնը կը բիւրեղացնէ, նոյն ազգին մեր պատկանելիութիւնը կ՚ամրապնդէ»: Նորին Սրբութիւնը յատուկ կերպով անդրադառնալով հայ դպրոցին նկատմամբ Քալիֆորնիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած հայորդիներուն ցուցաբերած նախանձախնդրութեան՝ ըսաւ. «ես կ՚ողջունեմ յատկապէս Քալիֆորնիոյ մէջ հայ դպրոցին նկատմամբ մեր ժողովուրդին աճող սէրը, սպասումն ու կապուածութիւնը: Այս դրական երեւոյթին շօշափելի օրինակը ահաւասիկ տուած է ազգային բարերար մեր սիրելի Մհերը, ի յիշատակ իր տիկնոջ՝ Սադիկին: Հայ դպրոցին առաքելութեան նկատմամբ ունեցած իր նախանձախնդրութենէն մեկնելով՝ Մհերը ներկայ բարերարութիւնը կատարեց: Այս առիթով իմ բարձր գնահատանքս կը յայտնեմ Մհերին ու իր զաւակներուն: Կ՚ուզեմ, որ իր այս բարերարութիւնը վարակիչ դառնայ մեր այլ բարերարներուն՝ թէ՛ Միացեալ Նահանգներէն եւ թէ՛ Սփիւռքի այլ գաղութներէն ներս»:
Նորին Սրբութեան պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ ընթրիք, ուր ընթերցուեցան տեղական իշխանութեանց պաշտօնական խօսքերը, որոնք ուղղուած էին Վեհափառ Հայրապետին` Արեւմտեան Հայոց Թեմին կատարած այցելութեան եւ իր 30-ամեայ գահակալութեան առիթով:


