Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում է ունեցել ուսանող երիտասարդների հետ եւ զրույց ունեցել «Ազգ, հայրենիք, եկեղեցի» թեմայի շուրջ։ Հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսությունից:
«Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) 60-ամեակի նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Շաբաթ, 17 Փետրուար 2024-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համագումարներու շարքին երրորդն ու վերջինը՝ «Հայրենիքն Ու Հայրենասիրութիւնը» խորագրով։ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի կազմակերպութեամբ սոյն համագումարներու շարքի հովանաւորն է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը։ Համագումարին մասնակցեցան լիբանանահայ վարժարաններու, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ին անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կալի Աւագեան։ Ան դիտել տուաւ, որ Միութեան 60-ամեակին առնչուած այս երրորդ համագումարը տեղի պիտի ունենար աւելի շուտ, սակայն Արցախի աղէտին դժբախտ պատահարին հետեւանքով, Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ը նպատակայարմար գտած էր համագումարը յետաձգել։ Առ այդ, Կ. Աւագեան անդրադարձաւ Արցախի իրավիճակին եւ մէջբերելով Արցախի գծով Վեհափառ Հայրապետին թելադրութիւնները՝ քաջալերեց երիտասարդները գօտեպնդուելու հայ ոգիով եւ նոր թափով շարունակելու մեր ծառայութիւնը՝ հայրենիքի փրկութեան։ Ան աւելցուց, որ երիտասարդութիւնը կը հզօրացնէ ազգ մը, իսկ յուսահատութիւնն ու լացը փրկութիւն չեն ապահովեր։ Վերջապէս, ան հրաւիրեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր մտածումները, յորդորները, ցուցմունքներն ու թելադրութիւնները բաժնելու երիտասարդներունհ հետ՝ «Ազգ, Հայրենիք, Եկեղեցի» նիւթին շուրջ։
Նորին Սրբութիւնը, առաջին հերթին, ուրախութիւն յայտնեց երիտասարդներով շրջապատուած ըլլալուն համար՝ հաստատելով, որ այդպիսով աւելի կը պայծառանայ ապագայատեսիլ իր յոյսը, որովհետեւ երիտասարդութիւնը հոմանիշ է կենսունակութեան։ Ան շեշտելով երիտասարդ-երէց սերունդներու երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ ընդծեց, որ թէեւ դժուար է ոմանց համար ուրիշին լսելը, սակայն անհրաժեշտ է այդ, որովհետեւ երկու կողմերը իրարմէ սորվելիք ունին միշտ։ Օրինակները քաղելով Յիսուս Քրիստոսի կեանքէն՝ ան ըսաւ, որ Աստուած «վեր» չմնաց, այլ իջաւ մարդոց մօտ, ծառայի կերպարանք ստանալով՝ մօտեցաւ մարդուն. ուստի, Նորին Սրբութիւնը յորդորեց Աւետարանի օրինակները փոխադրել մեր կեանքին մէջ եւ փորձել նոյնանալ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն։
Խորանալով նիստի նիւթին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ անկարելի է հեռու մնալ ներկայ դարու փոփոխութիւններէն եւ պատեր հիւսել մեր շուրջը, սակայն պէտք չէ փոփոխութիւնները ընդունիլ մեր ինքնութեան հաշւոյն։ Այս միտքէն մեկնելով՝ ան սահմանեց ազգասիրութիւն, հայրենասիրութիւն եւ եկեղեցասիրութիւն եզրերը ու մանրամասնեց այս երեքին իրարու սերտ առնչուածութիւնը։ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ ազգ մը կրնայ պատմութեան ընթացքին կամաց-կամաց կորսուիլ, եթէ հայրենիք չունենայ, սակայն հայրենիքը հողը չէ միայն, այլ նաեւ մշակոյթի եւ արժէքներու մէկ ամբողջութիւն է։ Եթէ չըլլան արժէք եւ մշակոյթ, հողը լոկ հող մը կը մնայ։
Խօսելով եկեղեցասիրութեան կամ կրօնասիրութեան մասին՝ Նորին Ս. Օծութիւնը լուսարձակի տակ առաւ պատմութեան ընթացքին տարբեր ազգերու մօտ կրօնքին կարեւորութիւնը եւ անդրադառնալով հայութեանս՝ նկատել տուաւ, որ ներկայիս ջանք կը թափուի կրօնքը հեռացնելու մեր ազգային կեանքէն։ «Մեր պատմութեան մէջ քրիստոնէութիւնը հայացաւ եւ հայութիւնը քրիստոնէացաւ», ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը՝ հաստատելով, որ անքակտելի նոյնացում ու միացում մը կայ մեր ազգ-հայրենիք-կրօնքին, այս պարագային՝ եկեղեցւոյ միջեւ։ Այս երեքին արժէքները իրարմէ տարբեր չեն։ Հայաստանի մէջ զանոնք իրարմէ բաժնելու փորձերը անընդունելի եւ արուեստական են։ Հայրապետը նշեց, որ հայոց պատմութիւնը եկեղեցւոյ պատմութիւնն է, նոյնպէս ալ եկեղեցւոյ պատմութիւնը՝ հայոց պատմութիւնը, իսկ երկուքը միասին քաղաքական մեր մտածողութեան պատմութիւնն են. բաժանման գիծեր կարելի չէ դնել։
Եզրափակելով իր խօսքը՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս յատկապէս շեշտեց, թէ «ազգասիրութիւնը, հայրենասիրութիւնը ու եկեղեցասիրութիւնը իրարմէ անջատելը, փաստօրէն, տգիտութիւն է եւ, աւելի՛ն՝ ազգային հերետիկոսութիւն»։ Անոնք մէ՛կ ամբողջութիւն են. մէ՛կ էութեան, ինքնութեան, ինքնաճանաչման տարբեր տարածքներ են, սակայն իրարու հետ սերտօրէն ու անքակտելիօրէն առնչուած։
Նիստի աւարտին երիտասարդները առիթ ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու Հայրապետին եւ արտայայտուելու Արցախի ու արցախահայութեան իրավիճակին, Սփիւռքի մէջ հայերէնի գործածութեան, ուսանողական կեանքի ներկայ մարտահրաւէրներուն, եկեղեցական ու ազգային գործունէութիւն ծաւալելու եւ այլ նիւթերու մասին»։