Ապրիլի 19-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետն ընդունել է Միջազգային Քրեական Դատարանի հիմնադրին և այդ դատարանի առաջին դատախազին (2003-2012) Դոկտ. Լուիս Մօրէնօ-Օքամփօ:
«Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ լայնօրէն անդրադառնալու Ազրպէյճան-Արցախ-Հայաստան վերջին տարիներու յարաբերութեանց, Արցախի դէմ Ազրպէյճանի 44-օրեայ պատերազմին, Արցախի շրջափակումին եւ անոր հետեւած Արցախի ժողովուրդի բռնագաղթին եւ Արցախի հայութեան դատը միջազգային օրէնքի լոյսին տակ Միջազգային Քրէական Դատարան ներկայացնելու կարելութիւններուն:
Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ դատախազին ընկերացող Միջազգային Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահ Մարիօ Նալպանտեան:
Հանդիպումէն ետք, անոնք ճաշի հիւրը եղան Վեհափառ Հայրապետին:
Յայտնենք, որ Դոկտ. Լուիս Մօրէնօ-Օքամփօ Անթիլիաս կը գտնուի Նորին Սրբութեան հրաւէրով. այս գիշեր ան հրապարակային դասախօսութիւն մը պիտի տայ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս եւ վաղը առաւօտ ներկայ պիտի գտնուի Արցախի նուիրուած համագումարի առաջին նիստին»,-ասվում է հաղորդագրության մեջ: