Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսությունը նշել է Վերացման Սուրբ Խաչի տոնը Անթալիայի Սուրբ Աստվածածին վանքում։
«Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն 14 Սեպտեմբերի մերձակայ Կիրակին կը նշուի Վերացման Ս. Խաչի տօնը: Տաղաւար տօներուն վերջինը հանդիսացող Վերացման Ս. Խաչի տօնը խաչին նուիրուած ամենաիմաստալից ու նշանակալից տօներէն մէկն է: Պատմական իրողութիւնները կը յայտնեն, թէ Վերացման Ս. Խաչի տօնին սկզբնաւորութիւնը կը հասնի մինչեւ քրիստոնէութեան առաջին դար, երբ Յակոբոս Տեառնեղբայր Յիսուս Քրիստոսի խաչափայտին նմանութեան քառաթեւ խաչ մը կը բարձրացնէ Գողգոթա լերան վրայ: Հուսկ, Խաչին ու Խաչեալին նկատմամբ հաւատացեալներուն ու եկեղեցւոյ տածած անհուն սէրն ու յարգանքը պատճառ կը դառնան, որ Տեառնեղբօր խաչ բարձրացնելը նուիրագործուի, յիշատակուի եւ մեծ շուքով տօնախմբուի: Առ այդ, Վերացման Ս. Խաչի տօնը կը սահմանուի 335 թուականին: Յետագային, այս տօնին կը կապակցուի 7-րդ դարուն տեղի ունեցած խաչի գերեվարման եւ ազատագրման դէպքը:
Հայ եկեղեցին, Խաչի տօնին, ոչ միայն կը զարդարուի երկնաբոյր ռեհաններով, այլեւ իր պաշտամունքը կը զարդարէ ու կը ճոխացնէ անդաստան կատարելով, յատուկ շարականներով ու աղօթքներով:
Այս բոլորին հետեւելով, այսօր՝ Կիրակի, 11 Սեպտեմբեր 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի համանուն մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ եւ յաւուր պատշաճի հոգեւոր խորհրդածութիւններ կատարուեցան: Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Գերպ. Տ. Շնորհք Ծ.Վրդ Աշըգեան խաչին նշանակութիւնը ընդհանուր գիծերով ներկայացնելէ ետք ընդգծեց, թէ «Խաչը կամուրջն է մարդ ու Աստուած եւ մարդ ու մարդ սիրոյ յարաբերութեան: Խաչը կատարելագործումն է այն բոլոր արժէքներուն, զորս օրէնքն ու օրինապաշտութիւնը, բարոյականութիւնն ու մարդկային ջանքերը չկարողացան իրագործել:
Հետեւաբար, իւրաքանչիւր հաւատացեալ այս մօտեցումով պէտք է նայի խաչին, ապրի խաչը եւ ընթանայ խաչի ճանապարհէն»: Իսկ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան նախ ներկայացուց տօնին դրուագը, ապա յայտնեց, թէ «Խաչը զօրութիւնն է մարդ անհատին: Մեր կեանքի ընթացքին մեր դիմաց բացուած ճանապարհներուն ընդմէջէն պէտք է մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի նման, ընտրենք խաչի ճանապարհը եւ քալենք Գողգոթային խորհուրդով: Կեանքը իր դժուարութիւններով եւ մոլորեցուցիչ երեւոյթներով կը փորձէ գրաւել մեր ուշադրութիւնը, սակայն հաւատարիմ հաւատացեալը իր հայեացքը միշտ կը սեւեռէ Խաչի խորհուրդին ու Խաչեալի օրինակին»:
Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդառաջելով Cilicia TV-ի փափաքին, Ս. Խաչի տօնին խորհուրդն ու պատգամը բովանդակող հայրական իր խօսքը փոխանցեց՝ ըսելով. «Խաչը սոսկ քրիստոնէական կրօնքը բնորոշող նշան չէ, այլ քրիստոնէական կեանքը յատկանշող խորհուրդ է, որ իր մէջ կը պարփակէ Աստուծոյ Որդւոյն աշխարհ բերած եւ իր կեանքով թարգմանած արժէքները: Խաչը սիրոյ, հաւատարմութեան ու նուիրումի ճանապարհ է. հարկ է քալել այս ճամբէն: Խաչը կեանքի որակ է, ուր կը ճառագայթեն Աստուածաշունչի ուսուցումները ու ճշմարտութիւնները. հարկ է ապրիլ այս կեանքը: Խաչը մեր եկեղեցւոյ շարականին բառերով հզօր զէնք է ու ամուր վահան. հարկ է այս զէնքով պայքարիլ ու վահանով պաշտպանուիլ մեզ շրջապատող տեսանելի ու անտեսանելի թշնամիներէն»»,-ասված է Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսության տարածած հաղորդագրությունում։