Մեծի տանն Կիլիկիո Արամ Առաջին կաթողիկոսը հունվարի 6-ին Սուրբ Ծնունդի պատարագ է մատուցել Անթիլիասի Մայրավանքում եւ իր հայրապետական պատգամը հղել․
«ՔՐԻՍՏՈՍ ՄԵ՛ԶԻ ՀԱՄԱՐ ԾՆԱՒ,
ՈՐՊԷՍԶԻ ՄԵՆՔ ԻՐ ԾՆՈՒՆԴՈՎ ՎԵՐԱԾՆԻՆՔ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ»
Այս յիշեցումը դարձաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Սուրբ Ծննդեան պատգամին առանցքը, զոր փոխանցեց 6 Յունուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցած Ս. եւ Անմահ Պատարագ ընթացքին։
Խօսելով Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան մասին, Վեհափառը ըսաւ, թէ «Աստուծմէ հեռացած, իր աստուածային պատկերը եղծած, մեղքի ու ապականութեան ճիրաններուն մէջ տուայտող մարդուն վերածնունդը հրամայական անհրաժեշտութիւն դարձած էր։
Աստուած մարդը ստեղծած էր որպէս Իր գործակիցը, Իր թագաւորութեան հաստատման մասնակից դառնալու համար։ Մարդուն տուած էր բանականութիւն ու ազատութիւն։ Սակայն մարդը շահագործած էր իր Աստուածատուր շնորհները ու դարձած գերին մեղքին ու մահուան. այլ խօսքով՝ իր անձին։ Բեթղեհէմի մսուրին մէջ մարդեղացող Աստուծոյ Որդին աշխարհ կու գար իբրեւ Փրկիչը մարդուն»։
Ապա, Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, թէ Աստուծոյ հրեշտակը աւետելով Քրիստոսի ծնունդը հովիւներուն՝ ըսաւ «ձեր Փրկիչը ծնաւ»։